2016-09-21 08:49:00

Հանրապետական Մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին առիթով։


20 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանք` հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը մայր եկեղեցի մուտք գործեցին եկեղեցականներու թափօրին ընկերակցութեամբ եւ խոնարհեցան հայոց հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին մասունքներուն դիմաց: Ապա, օրհնելով ներկայ հաւատաւոր ժողովուրդը, 14 եպիսկոպոսներու ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները բարձրացան Ս. խորան, ուր սկսաւ Հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան անսասանութեան ու պայծառութեան  եւ անոր ժողովուրդին խաղաղ ու բարօր կեանքին համար:

Արարողութեան աւարտին երկու կաթողիկոսները տուին իրենց օրհնութիւնն ու պատգամ յղեցին համայն հայ ժողովուրդին:








All the contents on this site are copyrighted ©.